Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան եւ առաջին սերունդին մէջ, ուշագրաւ դէմք է Սիմոն Զաւարեան։ Ան Դաշնակցութեան խղճի, բարոյական եւ գաղափարական սկզբունքներու մարմնաւորումը ու խորհրդանիշն է։

Սիմոն Զաւարեան ծնած է 1866ին, Լոռիի Այգեհատ գիւղը, որուն բնակչութիւնը սեռած էր հին ազնուական տոհմերէ։ Տարրական ուսումը ստանալէ ետք իր հայրենական գիւղին մէջ, կը տարուի Թիֆլիս եւ կը մտնէ պետական ռէալական դպրոցը, որ յաջողութեամբ կ’աւարտէ։ Ապա, կը մեկնի Մոսկուա եւ կը մտնէ նշանաւոր «Պետրովկա» գիւղատնտեսական վարժարանը։ Թիֆլիս եղած շրջանին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ երիտասարդական շարժումներուն եւ յատկապէս «Նարոդնայա Վոլիա»ի (նշանաւոր մարտական գաղտնի կազմակերպութիւն ցարական Ռուսիոյ մէջ, որ կը ձգտէր տապալել ցարական կարգերը)։ Կը տարուի աշխարհաքաղաքացիական եւ խաղաղասիրական գաղափարներով, որոնք կու գային իր իսկ նկարագրէն։ Ան կ’ըսէր.- «Ինչո՞ւ   կռիւ, ինչո՞ւ արիւն, ես դէմ եմ ամէն տեսակի բռնութեան, պէտք է մտնել հայի խրճիթը, քրտի վրանը, տաճիկ գիւղացու բնակարանը եւ քարոզել ամէնքին, ազգերի համերաշխ գործակցութեան գաղափարը»։ Սակայն 1890ին, երբ կ’աւարտէ ուսումը եւ կը վերադառնայ Կովկաս, լաւ կը ծանօթանայ Երկրի վիճակին եւ կը համոզուի, որ ազգային ազատագրական պայքարի զինեալ ուղին միակ միջոցն է հայ ժողովուրդը դուրս բերելու իր անտանելի վիճակէն։

1890ի ամրան, երբ տեղի կ’ունենային Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութիւնը նախապատրաստող ժողովները, Զաւարեան իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ եւ կ’ընտրուի առաջին ղեկավար մարմնի՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Ուր որ յեղափոխական գործ կար, ներկայ էր ան՝ իր լայն մասնակցութիւնը բերելով։ Ոստիկանութեան համար ան վտանգաւոր յեղափոխական մըն էր եւ յաճախ կը ձերբակալուէր։ Չէր պահեր իր յեղափոխական ըլլալը։ Հարցաքննութեան մը ատեն, հետեւեալը կը յայտարարէ դատաւորին. «Պարոն Դատաւոր, ես չեմ թագցներ, որ այո, խորապէս կը հետաքրքրուիմ թրքահայու վիճակով եւ կը ձգտիմ ամէն կերպ օգնութեան գալու նրանց, լինի դրամով, ժողովավարութեամբ, լինի նոյնիսկ զէնքով։ Ռուսաստանը ինքը պաշտօնապէս իր վրայ առեր է Արեւելեան քրիստոնեաներու հովանաւորութիւնը ընդդէմ թուրք եւ քիւրտ բռնակալներու։ Միթէ ինծի պիտի արգիլուի օգնելու նոյն քրիստոնեաներուն, որոնք իմ արիւնակից եղբայրներն են»։ Այսպէս, ճարպիկ կերպով, առանց իր յեղափոխական ըլլալը ժխտելու, ան ազատ կ’արձակուի։

Հ.Յ.Դ. Կեդրոնի որոշումով, Թրքահայաստանի մէջ յեղափոխական աշխատանքներուն թափ տալու համար, Զաւարեան՝ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի հետ՝ կ’անցնի Տրապիզոն, ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնով։ Սակայն շուտով կը ձերբակալուին եւ կը յանձնուին դատարան, իբրեւ յեղափոխականներ։ Դատավարութեան ընթացքին, Զաւարեան բուռն պաշտպանողական ճառ մը կ’արտասանէ եւ խստօրէն կը քննադատէ Սուլթանի վարչակարգն ու անոր գործած ոճիրները։ Կը դատապարտուին չորս տարուան բանտարկութեան։ Սակայն ռուս դեսպանի միջամտութեամբ, Զաւարեան եւ Արղութեան կը փոխադրուին Ռուսաստան եւ կ’աքսորուին Պեսարաբիա, ուր աքսորուած էր նաեւ Քրիստափորը։ Հոն երեքով կը պատրաստեն Հ.Յ.Դ. Ծրագրին նախագիծը։

1892ին կը վերադառնայ աքսորէն եւ կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Առաջին Ընդհանուր Ժողովին։ Զաւարեան՝ Քրիստափորի եւ Ռոստոմի հետ՝ կը մշակէ Հ.Յ.Ծրագիր-կանոնագիրը։ Իբրեւ կազմակերպութեան ձեւ, Ընդհ. Ժողովը կ’որդեգրէ ապակեդրոնացումը, որուն ջերմ պաշտպաններէն էր Զաւարեան։ Ընդհանուր Ժողովէն ետք, «Դրօշակ»ի մէջ, Քրիստափոր եւ Զաւարեան կը մեկնաբանեն Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը։

Այնուհետեւ, մինչեւ 1902, կը մնայ Թիֆլիս իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ։ Պաշտօնով պետական գիւղատնտես էր. կը շրջի Կովկասի զանազան շրջանները. միաժամանակ՝ կը տանի կուսակցական գործ։ Մանրակրկիտ եւ բազմակողմանի կերպով կ’ուսումնասիրէ Կովկասի եւ Հայաստանի գիւղական պայմանները։ Այս ուղղութեամբ, լոյս կ’ընծայէ յօդուածներ եւ գործեր, հայերէն թէ ռուսերէն, որոնք լայն ընդունելութիւն կը գտնեն։

1902էն 1904, կը մնայ Ժընեւ, «Դրօշակ»ի խմբագրութեան անդամ՝ Ակնունիի եւ Մ. Վարանդեանի կողքին։ Միեւնոյն ատեն կը հետեւի համալսարանական դասընթացքներու։    1904ին, Հ.Յ.Դ. Գ. Ընդհանուր Ժողովի որոշումով, կ’անցնի Կիլիկիա՝ յեղափոխական կազմակերպութիւն յառաջացնելու համար։ Մեծ եռանդով եւ նուիրուածութեամբ կը լծուի կազմակերպական աշխատանքի, մտնելով ժողովրդային բոլոր խաւերուն մէջ։ Ամէնուրեք իր շուրջ կը հաւաքէ եւ կը կազմակերպէ ազատատենչ երիտասարդ ուժերը։ Իր շրջապտոյտի ընթացքին, կը հանդիպի Պէյրութ, ուր կը հիմնէ ուսանողական միութիւն մը, որ հետագային իր անունով կը կոչուի Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն։ Այս միութիւնը կը շարունակէ գործել մինչեւ այսօր։

Ռուսաստանի յեղափոխական դէպքերը պատճառ կ’ըլլան, որ Զաւարեան վերադառնայ Կովկաս։

1906ին, միաձայնութեամբ կ’ընտրուի նախագահ էջմիածնի մէջ գումարուող Ազգային Կեդրոնական ժողովին, որուն ընթացքին իր գիտական պաշարով եւ հեղինակութեամբ կը հմայէ բոլոր ներկաները անխտիր։

Այնուհետեւ, 1907ին, կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Դ. Ընդհանուր Ժողովին, Վիեննայի մէջ։ Կը գլխաւորէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը Խրիմեան Հայրիկի յուղարկաւորութեան ժամանակ։

1908ին, Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք, կ’անցնի Պոլիս։ 1909ին, Ատանա կ’երթայ՝ մօտէն ծանօթանալու այնտեղ կատարուած կոտորածին պատճառներուն եւ տարողութեան։ Ապա, մինչեւ 1911, կը մնայ Մուշ իբրեւ Տարօնի ազգային դպրոցներու ընդհանուր տեսուչ, Բժ. Յ. Զաւարեանի հետ։

1911ին կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Զ. Ընդհանուր Ժողովին եւ այնուհետեւ կը մնայ Պոլիս, իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ։ Իր ապրուստը ապահովելու համար, չնչին ամսականով մը կը պաշտօնավարէ Եսայեան վարժարանին մէջ եւ իր լայն մասնակցութիւնը կը բերէ կուսակցական եւ հասարակական աշխատանքներուն։ Յանկարծամահ կ’ըլլայ 1913 Հոկտեմբեր 5ին, իր բնակարանէն դէպի «Ազատամարտ» թերթի խմբագրատան ճամբուն վրայ։

Պոլիսը ըրաւ աննախընթաց յուղարկաւորութիւն մը եւ, Սիամանթոյի պատուոյ պահակութեամբ, անոր զմռսուած մարմինը փոխադրուեցաւ Թիֆլիս, թաղուելու համար Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ։

Զաւարեան «Աշխարհիկ Սուրբ»ն է, Դաշնակցութեան սիրտն ու խիղճը։ Իր բծախնդրութեամբ եւ խստապահանջութեամբ՝ յատկապէս իր եւ իր աշխատակիցներուն հանդէպ, կը հանդիսանայ դարբինը դաշնակցական տիպարի խստակրօնութեան եւ անսահման զոհաբերութեան։ Դաշնակցականը պարտաւորութիւններ միայն պէտք է ունենայ, կ’ըսէր ան, իսկ փոխարէնը՝ բարոյական բաւարարութեամբ պէտք է գոհանայ։ «Նուիրուած»ը, որ Զաւարեանի համար կը նշանակէր տիպար կուսակցական, հետեւեալ իմաստը ունէր (Մ.Վարանդեանի բառերով). ««Նուիրուած»ը նախ եւ առաջ կազմակերպութեան տոկուն, չարքաշ աշխատաւորն է, դժուար ճիգերու եւ մեծ զոհաբերութիւններու աշխատաւորը, որ կը հրաժարի կեանքի բռնակալ հրապոյրներէն եւ լիովին կ’անձնատրուի, իր բազմատանջ ժողովուրդի դատին...Հաշուեցէք այն հազարաւոր կտրիճները, որոնք կռուեցան Դաշնակցութեան դրօշին տակ եւ մեռան «ժողովուրդ», «ազատութիւն» մրմնջելով... քանիս՞ն են, որ բացառութիւն կը կազմեն Զաւարեանական այս որակումէն...ամէնքն ալ «նուիրուած»ներ են»։ «Նուիրուած»ը էական դեր ունի հայ ժողովուրդի ճակատագրին դարբնումին մէջ։ Ան է որ պիտի բանայ ազգային ազատագրական պայքարի ճամբան եւ յեղափոխականացնէ անդիմագիծ ամբոխը։ Հետեւաբար, «Նուիրուած»ը իր անձնական օրինակով պիտի վարակէ ժողովուրդը։

Այսպէս, թէեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կարեւոր ձեռնարկներուն մենք չենք հանդիպիր Զաւարեանին, սակայն անոր ոգին ներկայ է Դաշնակցութեան բարոյական ու գաղափարական ուժին եւ դաշնակցական տիպարին յատկանիշներուն մէջ։

Մտերիմ էր անձնական կեանքին մէջ, սակայն անհանդուրժող եւ բուռն էր բոլոր տեսակի թերացումներուն եւ սխալներուն հանդէպ։ Ծայր աստիճան անկեղծ եւ ճշմարտութեան հետամուտ էր, որքան որ ալ ճշմարտութիւնը դառն ըլլար։ Կ’ատէր ճառախօսութիւնն ու ամբոխավարութիւնը, զանոնք նկատելով ժամանակաւոր եւ փուճ ոգեւորութիւն։

Զաւարեանի նկարագրին մէկ յատկանշական կէտն էր խնայասիրութիւնն ու ժուժկալութիւնը յատկապէս կուսակցական եկամուտներուն հանդէպ։ Այս գծով շատ մը դրուագներ կը պատմուին։ Այսպէս, 1890ի ամառը, Դաշնակցութիւնը իր հիմնադիրներէն մէկը կը ղրկէ Կուկունեանի մօտ, որ իր վերադարձին 100 ռուբլիի ծախս մը կը ներկայացնէ՝ քանի մը օրուան կեցութեան համար։ Նոյն պարտականութեամբ կը ղրկուի նաեւ Զաւարեան, որ ճամբորդութեան եւ 15 օրուան կեցութեան համար ծախսած էր միայն 17 ռուբլիի գումար մը։

Զաւարեան ամէն տեղ էր՝ ուր գործ կար, կուսակցական ամէն տեսակի գործ, յաճախ ինքզինք մոռնալով։ Սպառիչ եւ մաշեցնող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ իր ֆիզիքականին հանդէպ անհոգութիւնը պատճառ եղան իր յանկարծական մահուան։ Զաւարեանի համար անկարելի էր ականատես ըլլալ ջարդերու, հալածանքներու եւ շահագործումներու եւ հանգիստ նստիլ անոնց դիմաց։ Այսպէս, երբ Կիլիկիայէն Թիֆլիս կը վերադառնայ, ընկերները կ’ուզեն հանգիստ տալ եւ մօտ մէկ ամիս առանց կուսակցական գործի կը մնայ։ Ժողովի ընթացքին, ան ոտքի կ’ելլէ գործ կը պահանջէ։

Իրեն կը պատկանի հետեւեալ բանաձեւը. «Նկատելով որ աշխատանքի շահերի պաշտպանութիւնը հանդիսանում է մեր նպատակի հիմնական կէտերից մէկը, իսկ անգործութիւնը տանում է մարդկանց անբարոյականութեան եւ ապրուստի թեթեւ, բայց ծուռ միջոցների դիմելու, որ գցում է կազմակերպութեան վարկը, ժողովը որոշեց՝ ա) որ ամէն մի դաշնակցական, ուր որ էլ որ գտնուի, տարածելու է իր գաղափարները քարոզով եւ մանաւանդ կոնգրէտ գործերով,  բ) որ ամէն մի դաշնակցական օժտուած լինելու է ազնիւ մարդի վայել բարոյական ու յեղափոխական յատկութիւններով, գ) որ ամէն մի զինուոր կամ այլ կարգի յեղափոխական, արտասահմանում կամ երկրում, երբ նա ամբողջովին կազմակերպութեան տրամադրութեանը տակ չէ, իր ապրուստը ապահովելու է իր ազնիւ աշխատանքովը...»։

Պաշտամունք ունէր հայ գիւղացիին եւ հայրենի հողին հանդէպ։ Իբրեւ Կովկասի առաջնակարգ գիւղատնտեսներէն մին, լաւ եւ մօտէն կը ճանչնար գիւղն ու գիւղացին։ Խանասորի Վարդան կը պատմէ, թէ Կիլիկիոյ շրջապտոյտի ընթացքին, Զաւարեան իր մօտ կը պահէր Զէյթունի Ճիհան գետէն շիշ մը ջուր, քարի կտորներ եւ քանի մը մանր իրեր իբրեւ հայրենի հողէն յիշատակ։ Իր մասնագիտութեամբ, առաջնակարգ դիրք կրնար ապահովել Կովկասի մէջ։ Սակայն կեանքի ասպարէզն ու փայլուն դիրքերը չէին հրապուրեր զինք։ Իր խոր սէրը մարդկութեան եւ մասնաւորաբար հայ ժողովուրդին հանդէպ մղեցին զինք նետուելու յեղափոխական պայքարի մէջ՝ մոռնալով իր անձնական կեանքի պահանջները։

Մ.Վարանդեան հետեւեալը կը վկայէ Ս. Զաւարեանի մասին. «Ուժեղ ու շքեղ անհատականութիւն մը, հպարտ իր բիւրեղեայ մաքրութեամբ, ճշմարտասէր եւ ճշմարտախօս ամէն պարագայում, անողոք՝ ցուցամոլութեան եւ կեղծութեան հանդէպ, ծայրայեղ եւ անզուսպ՝ իր բարկութեան պոռթկումներու մէջ, բայց եւ  առհասարակ զիջող, ներողամիտ, հաշտարար։ Երբ կը զայրանար ու կը բռնկէր, ասես չարութեան մարմնացումն էր, բայց երբ կ’անցնէր փոթորիկը, ձեր առջեւ կանգնած էր տարբեր մարդ մը՝ Յիսուսեան մեղմութեամբ ու խոնարհութեամբ։ Գրոհ կու տար այս կամ այն ընկերոջ դէմ, կը խարանէր, կը դատափետէր ամենակծու մակդիրներով առանց երբեք հայհոյանք մը, անվայել բառ մը արտասանելու. բայց երբ կ’անցնէր վիճաբանական տենդը՝ Սիմոն ինքը կը մօտենար իր հակաճառողին ու կը վերսկսէր յարաբերութիւնները...»։

Քրիստափոր, Ռոստոմ եւ Զաւարեան հակառակ իրենց նկարագրային եւ խառնուածքի տարբերութիւններուն կը կազմեն ներդաշնակ երրորդութիւն մը։ Իրենց անձնական օրինակով եւ մտածելակերպով՝ անոնք իրենց կնիքը դրին եւ մեծ ազդեցութիւն ունեցան Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ գաղափարական-գաղափարաբանական

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter