ԼՊՄ ԲԱՆԱԿՈՒՄ 2016

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպած «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակ» պատանիներու բանակումը, կրտսեր պատանեկան շարքերով սկսած երեքշաբթի, 9 օգոստոսին, ապա շարունակուեցաւ 14-21 օգոստոսին, այս անգամ երէց պատանիներուն համար` Այնճարի մէջ:

Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ կիրակի, 14 օգոստոսին` ներկայութեամբ 137 պատանիներու: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Արազ Նաշալեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց բանակումի նիւթին կարեւորութիւնը` ներկայացնելով չորս խումբերը իբրեւ պատանիներու ներշնչման աղբիւրներ: Յիշեցնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար մղուած արիական պատերազմներն ու ազատամարտիկներուն հերոսութիւնները, ան կոչ ուղղեց պատանիներուն  կառչելու հերոսներու օրինակներուն եւ շարունակելու անոնց հաւատացած ուղին:

Եօթը օրուան ընթացքին, պատանիները դաստիարակչական տարբեր միջոցառումներու ընդմէջէն ընդարձակեցին իրենց գիտելիքներուն հորիզոնները` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը դարձնելով իրենց առօրեայ կանչերուն, խմբային աշխատանքներուն եւ խարուկահանդէսներուն կիզակէտը: Անոնք լսեցին դասախօսութիւններ Արցախի պատմականին ու ներկային, Արցախի ազատագրական պայքարին մասին, մասնակցեցան երկու վարժանքներու` նիւթ ունենալով արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումը պատանիներու աշխատանքներուն մէջ եւ դաշնակցականի յատկանիշները` պատմական անդրադարձով: Անոնք մասնակցեցան նաեւ պատանեկան կենցաղին անդրադարձող զրոյցի մը, ռելի փէյփըրի, զարգացման մրցումի, սորվեցան նոր երգեր ու կանչեր:  Պատանիները նաեւ առիթը ունեցան դիտելու Արցախի քառօրեայ պատերազմին, Շուշիի ազատագրման, ինչպէս նաեւ Արցախի տարբեր շրջաններուն անդրադարձող ամփոփ տեսերիզներ:

Բանակումի ամբողջ տեւողութեան, բանակողները աշխատեցան յանձնախումբերու մէջ եւ պատրաստեցին ձեռային աշխատանքներ, ռատիօ-խաղեր ու պատի թերթ, համալրուած` Ֆիզիքական չարքաշութեամբ, մարզանքներով եւ դաշնակցական պատանիիի կարգապահութեամբ:

Դաստիարակչական նպատակներով անոնք լսեցին կենսոլորտի պահպանութեան կարեւորութեան անդրադարձող դասախօսութիւն մը, ինչպէս նաեւ առիթը ունեցան մասնակցելու երեք ժամնոց յատուկ վարժողական աշխատանքի, ներկայացուած` քաղաքացիական պաշտպանութեան խմբակին կողմէ:

«Ոչ ոք չի կասկածում, որ բոլորս միասին ենք, եւ այս պայքարը միասի՛ն պէտք է աւարտենք, համոզուած եմ, յաղթանակո՛վ» խօսքը, որ տպագրուած էր պատանիներուն թի շըրթներուն վրայ, դարձած էր առօրեայ կարգախօս` միացնելով չորս խումբերը մէկ ամբողջական գաղափարի շուրջ: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակ»  բանակումը բաժնուած էր չորս տարբեր խումբերու, որոնք կը կրէին Սիմոն Աչիքկէօզեանի, Շահէն Մեղրեանի, Մովսէս Գորգիսեանի եւ Արթուր Մկրտչեանի անունները:

Շաբաթ, 20 օգոստոսին մրցակցութեան ոգին հասաւ իր գագաթնակէտին, մարզական խաղերու օրակարգով, որոնց ընթացքին չորս խումբերը առիթը ունեցան ապահովելու առաւելագոյն կէտեր, որոնք իրենց կարգին աւելցան իւրաքանչիւր խումբերու ընդհանուր գումարին վրայ: Երեկոյեան, աւարտական խարուկահանդէսը ստեղծեց ոգեւորիչ մթնոլորտ` համախմբելով տարբեր խումբերը մէկ նպատակի շուրջ:

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակ» բանակումը պաշտօնապէս իր աւարտին հասաւ կիրակի, 21 օգոստոսին` դրօշակի արարողութեամբ, հաճելի յիշատակներով իրարմէ բաժնելով պատանիները, ընկերները, դարձեալ հանդիպելու խոստումով: Աշուղ Ջիւանիի բառերը լաւագոյնս կ՛արտայայտեն այն ժամերը որոնց կը սպասեն բոլոր պատանիները. «Ինչ մարդ ունենայ իւր մօտը հաւատարիմ ընկեր, ցերեկի նման անցնում է մութ գիշերը մարդուն»:

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter