ԼՊՄ ԿՐՏՍԵՐ ԲԱՆԱԿՈՒՄ 2016

«Ոչ ոք չի կասկածում, որ բոլորս միասին ենք, եւ այս պայքարը միասի՛ն պէտք է աւարտենք, համոզուած եմ, յաղթանակո՛վ»:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեան

Վերջապէս հասաւ պատանիներուն սպասած օրը… տարի մը ետք, խանդավառ  ու կարգապահ շարքերով դարձեալ բանակիլ դաշնակցական պատանիին իւրայատուկ միջավայրին մէջ` ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու տարեկան բանակումին ընդմէջէն:

Այսպէս, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպած տարեկան բանակումները, հանդիսանալով պատանիին դաստիարակութեան գլխաւոր խթանները, այն միջավայրերն են, ուր պատանիները կը համալրեն միութիւններուն մէջ ստացած իրենց դաստիարակութիւնը: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակ» խորագրեալ կրտսեր պատանիներու տարեկան բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ  Այնճարի մէջ` հինգ օրուան տեւողութեան վրայ համախմբելով 60 կրտսեր պատանիներ, ՀՅԴ Լիբանանի տարբեր պատանեկան միութիւններէն:

Բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 9 օգոստոսին: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչը իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ այս տարի եւս, ինչպէս ամէն տարի, Ընդհանուր վարիչ մարմինը ծրագրեց եւ կազմակերպեց տարեկան բանակում մը, որ նուիրուած է մեր պատմութեան վերջին շրջանի ամէնէն սխրալի յաղթանակին` արցախեան պայքարին ու անոր յաջորդող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին:

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակ»  բանակումին մասնակիցները բաժնուած էին չորս տարբեր խումբերու, որոնք կը կրէին Սիմոն Աչիքկէօզեանի, Շահէն Մեղրեանի, Մովսէս Գորգիսեանի եւ Արթուր Մկրտչեանի անունները: Բանակումի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, պատանիները դաստիարակչական տարբեր միջոցառումներու միջոցով լեցուեցան Արցախի մասին գիտելիքներով, սորվեցան անոր պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը, արցախեան պայքարի ժամանակագրութիւնը, ներշնչուեցան անոր պատմութիւնը կերտած հերոսներով եւ ընդարձակեցին իրենց հայրենիքի հասկացողութեան հորիզոնները` ուշադրութեան առարկայ դարձնելով նաեւ ամբողջական Հայաստանի զանազան շրջանները: Անոնք պատրաստեցին նիւթին հետ առնչուող խմբային ձեռային աշխատանքներ, կանչեր, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան զրոյցի,  հարցում-պատասխան խաղերու, զարգացման մրցումի եւ սորվեցան նոր երգեր: Պատանիները նաեւ լսեցին շտապ օգնութեան, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի պահպանման եւ անոր վերաբերող այլ հարցերու անդրադարձող ներկայացումներ:

Խումբերուն միջեւ ստեղծուած մրցակցութեան ոգին առաւել եւս կը մղէր պատանիները ձգտելու լաւագոյնին` ապահովելով լայն մասնակցութիւն թէ՛ մարզական եւ թէ՛ դաստիարակչական օրակարգերուն: Իսկ անհատական թէ խմբային տարբեր տեսակի ներկայացումներով, բանակումը կրցաւ ստեղծել իրիկուան խարուկահանդէսներու ճոխ մթնոլորտ, ուր պատանիները նաեւ առիթը ունեցան դիտելու Արցախի քառօրեայ պատերազմին, Շուշիի ազատագրման, ինչպէս նաեւ Արցախի տարբեր շրջաններուն անդրադարձող ամփոփ տեսերիզներ:

Դաստիարակչական ծրագիրը համալրուեցաւ ամէնօրեայ մարզանքով, մարզական խաղերով, արշաւներով ու «ռելի փէյփըր»-ով, բծախնդիր կարգապահութեամբ ու դրօշակի արարողութիւններով` բանակավայրը դարձնելով աշխուժ եւ առողջ միջավայր մը: Պատանիները բանակումէն վերադարձան իրենց ոգիներուն մէջ աւելի ամրացուցած բանակումի իրենց թի-շըրթներուն վրայի խօսքը, որ կ՛ըսէ, «Ոչ ոք չի կասկածում, որ բոլորս միասին ենք, եւ այս պայքարը միասի՛ն պէտք է աւարտենք, համոզուած եմ, յաղթանակո՛վ»:

Նոյն բանակավայրին մէջ, կիրակի, 14 օգոստոսի կէսօրին, կրտսերներու բանակումի փակումէն ետք, կայացաւ երէցներու «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակ» տարեկան բանակումի պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ 137 պատանիներու: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Արազ Նաշալեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց բանակումի նիւթին անհրաժեշտութիւնը` ներկայացնելով չորս խումբերը իբրեւ պատանիներու ներշնչման աղբիւրներ: Յիշեցնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար մղուած քաջարի պատերազմներն ու ազատամարտիկներուն հերոսութիւնները, ան կոչ ուղղեց պատանիներուն  կառչելու հերոսներու օրինակներուն ու շարունակելու իրենց հաւատացած ուղին:

Նշենք, որ երէցներու բանակումը իր աւարտին պիտի հասնի կիրակի, 21 օգոստոսին:

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter