«Եղի՛ր Աւելի Ուժեղ, Արթուն Եւ Պատրաստ»

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան երէկ` ուրբաթ, 31 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին նուիրուած ձեռնարկ` «Եղի՛ր աւելի ուժեղ, արթուն եւ պատրաստ» բնաբանով եւ «Ցեղասպանութենէն քառօրեայ պատերազմ» նիւթով:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի  քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Այնուհետեւ օրուան հանդիսավարներ` ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան  պատանիները մերթ ընդ մերթ բեմ բարձրանալով Գարեգին Նժդեհի խօսքերուն ընդմէջէն ներկայացուցին յայտագիրը:

«Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան  անունով խօսք առաւ Սերուժ Թապագեան: Ան նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն եւ արցախեան պատերազմին նահատակուած քաջարի ազատամարտիկներուն յիշատակը: Թապագեան նկատել տուաւ, որ 24 ապրիլ 1915-ին բարբարոս թուրքը գործադրեց հրէշային ոճիրը` գրաւեց Արեւմտեան Հայաստանն ու փորձեց բնաջնջել հայութիւնը` տեղահան ընելով զայն, աւերեց ու քանդեց հայ ժողովուրդի սրբութիւնները` վանքերը եւ մշակութային կոթողները, սպաննեց մտաւորականութիւնն ու ժողովուրդի առաջնորդները եւ խլեց պապենական հողերը, շեշտելով, որ հակառակ այս բոլորին` թուրքը չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին, որովհետեւ ան լաւ չէր ճանչցած հայու աննկուն կամքը, հայրենասիրութիւնն ու հաւատքը:

Շարունակելով իր խօսքը` Թապագեան ըսաւ, որ հայութիւնը դարձեալ կրցաւ ոտքի կանգնիլ, կառուցել, աղօթել, բարձր դասել հայերէնը եւ յաջողեցաւ ունենալ ազատ եւ անկախ Հայաստան` աւելցնելով, որ անպայման պիտի տեսնենք նաեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը: Ան նկատել տուաւ, որ ներկայիս թուրքը փոխած է պատերազմի իր միջոցները, սակայն անոր թիրախն ու նպատակը կը մնան նոյնը` աւելցնելով, որ թուրքը միանալով ազրպէյճանցիին, արցախեան քառօրեայ պատերազմին անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու իր նենգամտութիւնը: Թապագեան շեշտեց, որ հարց պէտք չէ տալ, թէ իբրեւ դաշնակցական պատանիներ ի՞նչ կրնան ընել նպաստելու համար Հայ դատի աշխատանքներուն, հզօրացնելու մեր հայրենիքը, չօտարանալու, հայ մնալու: «Մենք պէտք է թիավարենք օտարամոլութեան հոսանքին դէմ` իբրեւ զէնք գործածելով հայ լեզուն, հայ մշակոյթը: Ճանչնանք մեր պատմութիւնը, մեր հերոսները, վառ պահենք մեր ազգային արժէքները, դառնանք զարգացած եւ գիտելիքներով զինուած գիտակից ու պահանջատէր դաշնակցական պատանիներու սերունդ մը», եզրափակեց Սերուժ Թապագեան:

Այնուհետեւ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան մասին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ երէց ընկերներ, նաեւ պատանիներ իրենց տեսակէտը փոխանցած էին պատանեկան միութիւններու առաքելութեան մասին: Ապա ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան անդամները խմբովին մեկնաբանեցին «Պիտի գնանք» երգը:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն հաւաքը իր համախմբուածութեամբ, նախաձեռնութեամբ եւ իր ճշդած նիւթով մեզ կը մղէ խորհրդածութեան: Ան շնորհաւորեց ձեռնարկի նիւթին ճշդումը, որովհետեւ այդ նիւթին մէջ այսօր ո՛չ միայն ամփոփուած են պատանեկան միութեան գործունէութիւնը, առաքելութիւնը, ուղին, առաջադրանքները, այլեւ անոր շուրջ համախմբուած են ազգի եւ հայրենիքի անհրաժեշտութիւնները, նաեւ մեր համազգային երթը: Խօսքը ուղղելով պատանիներուն` Հաւաթեան ըսաւ, որ անոնք անդամագրուած են պատանեկան միութեան, որպէսզի անոր առաքելութեան ընդմէջէն ծառայեն հայրենիքին ու հայութեան: «Պատանեկան շարքերը ՀՅԴ-ի համար միշտ մնացած են ու կը շարունակեն մնալ գուրգուրանքի եւ յատուկ ուշադրութեան առանցք, որովհետեւ այդ հիմնասիւնին վրայ կառուցուած է Դաշնակցութեան ամբողջ կառոյցը» հաստատեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ այդ դպրոցը տուած է մեծ թիւով շրջանաւարտներ մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Տուած է կուսակցական ղեկավարներ, մշակութային գործիչներ, միութիւններու պատասխանատուներ, հայ ժողովուրդի արեան կանչին անսացող ազատամարտիկներու հսկայ բանակ, Հայ դատի հետապնդման ուղղութեամբ դիւանագիտական մեծ տաղանդներ: Ան նկատել տուաւ, որ եթէ չըլլար դաշնակցական պատանեկան կառոյցը, այսօր սփիւռքի մէջ մեր հաւաքական կեանքէն շատ բան պիտի պակսէր: «Դուք այսօր հպարտ զգացէ՛ք, պատիւը ունեցէ՛ք, որ մաս կը կազմէք այն դպրոցին, որ այդ հաւաքական երթին մէջ` հայութեան գոյութիւնը եւ անոր առաջադրանքները իրականացնելու երթին մէջ հիմնական ու եզակի դերակատար էք», շեշտեց Հաւաթեան` աւելցնելով, թէ որքա՛ն աշխարհը կը յառաջդիմէ ու ճարտարարուեստը կը զարգանայ, նոյնքան ազգային արժէքներու պահպանումը կը դառնայ դժուար` աւելցնելով, որ դաշնակցական պատանին երբեք չի բաւարարուիր իր կատարած գործով կամ իր նուաճած յաջողութեամբ: «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձին նկատմամբ պէտք է գտնուի նախանձախնդիր, եւ դուք հաւաքաբար պէտք է դառնաք պահանջատէր ձեր պատանեկան կառոյցէն», շեշտեց Հաւաթեան եւ անդրադառնալով օրուան նիւթին` «Եղի՛ր աւելի ուժեղ, արթուն եւ պատրաստ», ըսաւ, որ դաշնակցական պատանին` հայ պատանին պէտք է այս երեք բառերուն մէջ տեսնէ իր ամբողջ տեսլականն ու աշխարհայեացքը եւ ծրագրէ իր ապագայի աշխատանքը: Ան պէտք է ըլլայ ուժեղ` իբրեւ դաշնակցական, պէտք չէ տարուի հոսանքներէ  եւ ուշադիր պէտք է ըլլայ այն բոլոր երեւոյթներէն, որոնք կը սպառնան իր ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան: Պատանին պէտք է ըլլայ արթուն` իր շուրջ գտնուող ամէն տեսակի փորձութիւններուն դիմաց եւ պէտք է ծանօթանայ վսեմին, արժէքաւորին: Պէտք է ըլլայ նաեւ պատրաստ, որովհետեւ օժտուած է կրթական եւ գիտական պաշարով: Իր յաճախած վարժարանի ջամբած ուսման նկատմամբ պէտք է ցուցաբերէ բացարձակ բծախնդրութիւն: «Դուք պատանիներն էք ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքին, կը գործէք լիբանանահայ գաղութին մէջ եւ ականատես էք անոր դժուարութիւններուն ու իրագործած յաջողութիւններուն: Դուք պիտի դառնաք զինուորներ հայկականութիւնը մեր գաղութին մէջ շեշտաւորելու համար», շեշտեց Հաւաթեան: Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը ըսաւ, որ մօտ օրէն հայութիւնը պիտի նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը, պիտի վերանորոգէ իր պահանջատիրական երթը եւ յստակացնէ ներկայ դարու պայմաններուն ու ժամանակներուն անհրաժեշտութիւններէն մեկնած իր կատարելիք աշխատանքը` աւելցնելով, որ անցնող շաբթուան ընթացքին նշուեցաւ նաեւ արցախեան քառօրեայ պատերազմի առաջին ամեակը: Ան շեշտեց, որ այս երկու կարեւոր իրադարձութիւնները զիրար կ՛ամբողջացնեն եւ իրարու շաղկապուած են` աւելցնելով, որ այսուհետեւ մենք ապրիլ ամսուան ընթացքին պարտաւոր ենք նշելու երկուքը եւ տեսնելու երկուքին համալրումով մէջտեղ եկած ամբողջական խորհուրդը. «Այսուհետեւ ոչ ոք կը համարձակի հայ ժողովուրդը հաւաքական չարիքի դիմաց դնել», շեշտեց Հաւաթեան եւ եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց պատանիներուն մնալու հաղորդ մեր նահատակներու պատգամին, մեր ժողովուրդի արեան կանչին, մեր ժողովուրդի առաջադրանքներուն եւ ակնկալութիւններուն, եւ իրենց մտքին ու հոգիին մէջ Հայաստանն ու հայութիւնը մնայուն ներկայութիւն դարձնելու:

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter